2015-01-22 12:19:21

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 22 յունուարի քարոզը ` ''Փրկութիւնն ու Յիսուսի բարեխօսութիւնը աւելի կարեւոր են քան բուժումները''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Կարեւորագոյնը՝ ֆիզիկական բուժումի շնորհք հացելը չէ այլ այն իրողութիւնը որ Յիսուս մեզ կը փրկէ եւ մեզի համար կը բարեխօսէ'', այս եղաւ Ֆրանչիկսոս Քահանայապետի 22 յունուար 2015-ի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ, Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզի կեդրոնական նիւթը։

Ժողովուրդը Յիսուսի մէջ կը տեսնեն յոյս մը
Մեկնաբանելով օրուան Սուրբ գրային ընթերցումը ուր ժողովուրդը ամէն վայրերէն ժամանած կը հետեւէին Յիսուսին, Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծեց, թէ Աստուծոյ ժողովուրդը Յիսուսի մէջ կը տեսնէ յոյսի նշոյլ մը, որովհետեւ Անոր ուսուցումի վարուելակերպը կը դպչի սրտին, յառաջ կու գայ սիրտէն, եւ ունի Աստուծոյ խօսքին զօրութիւնը։

Յիսուս Փրկիչը
Ֆրանչիսկոս Պապը բացայայտեց թէ կարեւորագոյնը Յիսուսի իրագործած բուժումները չէ որոնք լոկ նշան մըն են։ Կարեւոր պատգամը ի յայտ կու գայ Սուրբ Պօղոսի Հրեաներուն ուղղած թուղթէն ՝՝Քրիստոս կրնայ կատարելապէս փրկել անոնք որոնք Իրեն միջոցաւ կը մօտենան Աստուծոյ՝՝։ Այս առընչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատեց երկու կարեւոր կէտեր` Յիսուս մեզի կը բարեխօսէ եւ Յիսուս մեզ կը Փրկէ։

Յիսուս մեզի համար կը բարեխօսէ
''Յիսուս բարձրացաւ Հօր մօտը ու այնտեղէն ամէն օր ամէն պահուն մեզի համար կը բարեխօսէ։ Ամէն անգամ որ դժուար պահերու կը հանդիպինք պէտք է յիշենք Յիսուսը որովհետեւ Ան շարունակ կ՝աղօթէ եւ կը բարեխօսէ մեզի համար։
''Հայցենք Աստուծմէ որ մեզի շնորհքը տայ ամէն օր առ աւելիով համոզուելու` որ ունինք Փրկիչ մը` Յիսուս, որ կանգնած է իր Հօր աջ կողմը եւ կը բարեխօսէ մեզի համար ու հայցենք որ Տէրն ու Սուրբ Հոգին այս բաները մեզի լաւ հասկցնեն'' եզրափակեց Նորին Սրբութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.